Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի Փարիզ Սեն Ժերմեն փոխանցումը կրնայ չկատարուիլ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին խիստ դիրքորոշումին պատճառով, կը յայտնէ Sport.es կայքը:
Կը նշուի, որ Նէյմարի հայրն ու գործակատարը քաթալոնական ակումբէն շուրջ 26 միլիոն եւրօ պէտք է ստանար պրազիլցի յառաջապահին մինչեւ 2021 թուականը կնքած նոր պայմանագրութեան համար:
Սակայն Պարսելոնա չ՛ուզեր վճարել այդ գումարը, եթէ Նէյմար ժամանակէն շուտ հեռանայ ակումբէն:
Եթէ Նէյմար որոշէ մնալ, Պարսելոնա այդ գումարը պիտի փոխանցէ անոր հօր եւ գործակատարին, իսկ եթէ ան հեռանայ, այդ հարցը պիտի լուծուի դատարանի միջոցով:
Բացի ատկէ, հարց կը դրուի, թէ ինչպէ՛ս Փարիզ Սեն Ժերմեն կրնայ 222 միլիոն եւրոյով գնել Նէյմարը եւ չխախտել ֆեր-փլէյը:
Ներկայ դրութեամբ Նէյմարի փոխանցումը արգելակուած է: