Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը յայտարարեց, որ խումբը 23 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» բաժակի մրցաշարքին` մրցելով Ռէալ Մատրիտի դէմ:
Տարեկան սովորութիւն դարձած այս մրցաշարքին Ռէալ Մատրիտ իւրաքանչիւր տարի կ՛ընտրէ խումբ մը եւ կը մրցի անոր դէմ այս տիտղոսին համար, որ անուանուած է ի պատիւ Ռէալ Մատրիտի նախկին նախագահին:
Այսպիսով, Ֆիորենթինա Ա. Սէ. Միլանէն եւ Ինթեր Միլանէն ետք կը դառնայ իտալական երրորդ ակումբը, որ կը մասնակցի անոր:
«Սանթիակօ Պեռնապէօ» բաժակի այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 1979-էն ի վեր:



