Լիբանանահայ վարորդ Ալեքս Տեմիրճեան ինքնաշարժներու աշխարհին մէջ կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ նախորդ շաբաթավերջին պելճիքացի հանրածանօթ Սփա Ֆրանքորշան վազքուղիին վրայ տպաւորիչ արդիւնք մը արձանագրեց իր ինքնաշարժին` «Ֆեռարի-Ճի. Թի. 3 – 488»-ի հետ եւ գրաւեց երրորդ դիրքը` փոտիում բարձրացած երեք վարորդներէն մէկը ըլլալով:
Յիշատակելի եղաւ անոր ինքնաշարժին տեսքը: Անիկա ծածկուած էր Լիբանանի դրօշակով եւ հայկական Եռագոյնով, վրան գրուած` «Տրայվ ֆոր լայֆ»:
Հակառակ 3 փենալթի ունենալուն, Տեմիրճեան գրաւեց երրորդ դիրքը իտալացի վարորդ Տաւիտծ Փեթզոյի ետին: Առաջին հանդիսացաւ ֆրանսահայ Նիքոլա Մինասեան:
Պլանփենի այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 64 ինքնաշարժներ, սակայն անոնք բոլորն ալ չկրցան հասնիլ ժամանման գիծ` տարբեր պատճառներով:
Իր արձանագրած այս կարեւոր յաղթանակէն ետք Տեմիրճեան ըսաւ.
«Չեմ կրնար բացատրել ուրախութիւնս, որուն հասայ այս վազքուղիին վրայ: Անոր մէջ բնականաբար իրենց բաժինը ունեցան խումբին բոլոր անդամները:
«Իսկապէս յիշատակելի եւ աներեւակայելի զգացում մըն է միջազգային մրցումի մը աւարտին բարձրացնել լիբանանեան եւ հայկական դրօշակները: Այս երկու դրօշներուն իրարու միացումը կու գայ համայն աշխարհին ցոյց տալու, որ յառաջիկային եւս այսպիսի մեծ յաջողութիւններ եւ իրագործումներ կրնանք ունենալ:
«Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ ասով կու գանք նոր սերունդին յայտնելու, որ երբ մեր մօտ կայ պայքարի ոգին, կրնանք մեր բոլոր ուզածները կատարել` նկատի ունենալով, որ խմբային ճիգը աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, քան անհատականը:
«Յոյսով եմ, որ յառաջիկային այլ իրագործումներու ալ կը հասնիմ»: