Երեւանի նախկին «Միքա» մարզահամալիրին մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորաստեղծ Արցախ ֆութպոլի ակումբին շնորհահանդէսը:
Ակումբին հիմնադիրը ծնունդով արցախցի Սեւան Ասլանեանն է, որ կը բնակի Չեխիոյ մէջ:
Ակումբին 22 ֆութպոլիստներէն 5-ը Արցախի Հանրապետութենէն են: Գլխաւոր մարզիչն է` Տիգրան Եսայեան:
Ներկայացուեցաւ Արցախի ֆութպոլիստներուն համազգետը` երթի եւ դարձի մրցումներուն համար, ինչպէս նաեւ փորձերու յատուկ համազգեստը:
Շնորհահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ ակումբին քայլերգը:
Գլխաւոր մարզիչը ըսաւ, որ Արցախ իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն համար ընտրած է նախկին «Միքա» մարզադաշտը: