
Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Թանմիէ Պէյրութ ակումբին մէջ (Քասքասի շրջան), երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները:
ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող Ամրօ Ժաուիշ (22 տարեկան) հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովելով 8.5 կէտ: Վերջին հանգրուանին ան յաղթեց Սամիր Սըրսոքի:
Ան երրորդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան` 2010-էն եւ 2015-էն ետք:
Նախորդ տարուան ախոյեան Ֆայսալ Խէյրալլա հանդիսացաւ երկրորդ (8 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Մըհտի Քահուրի (7,5 կէտ):
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը իր յաջորդ ժողովին ընթացքին պիտի ճշդէ, թէ ե՛րբ պիտի կատարէ այս ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը:
Միւս կողմէ, կիրակի, 6 օգոստոսին, Ահլի Սայտա ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ` մասնակցութեամբ 18 ակումբներու: