Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, Հայաստանի պասքեթոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պասքեթպոլի ակադեմիա պիտի հիմնուի, եւ 2018-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի պասքեթպոլի տարբեր տարիքային խումբերու ախոյեանութիւններ:
«Հայաստանի մէջ պասքեթպոլի մարզաձեւը արագ զարգացում կ՛ապրի: Ներկայ դրութեամբ երկրին մէջ ունինք 256 խումբեր: Պասքեթպոլով զբաղողներուն թիւը այժմ կը հասնի 7 հազարի: Այս մարզաձեւին հիմնաքարը իրականութեան մէջ զետեղեց Հատիս աղջկանց խումբը, որմէ ետք բոլորը սկսան հետաքրքրուիլ պասքեթպոլով:
«Այս մարզադպրոցներուն վիճակը իրականութեան մէջ այդքան ալ լաւ չէ: Այս ծիրին մէջ պէտք է աշխատանք տանինք:
«Նկատի ունենալով, որ պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնը ակադեմիայի հիմնումին հոգ չի տանիր, այս ուղղութեամբ մենք պիտի վստահինք մենք մեզի:
«Յոյսով ենք, որ 2018-ին այս մարզաձեւին մէջ մեծ յառաջխաղացք կրնանք արձանագրել», ըսաւ Ռոստոմեան: