Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ Չելսիէն իր կազմին միացուցած է սերպ միջազգային մարզիկ Նեմանժա Մաթիչը` անոր հետ ստորագրելով երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու հեռանկարով:
28 տարեկան միջնապահը լոնտոնեան ակումբին իր մաս կազմած տարիներուն երեք անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան:
Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար Մանչեսթըր Եունայթըտ վճարեց 46 միլիոն եւրօ, իսկ անոր տարեկան աշխատավարձ պիտի վճարէ 173 հազար եւրօ:
Այս փոխանցումին լոյսին տակ, կը կարծուի, որ մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ բաւական զօրաւոր խումբ մը կրցած է ունենալ:



