Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա յաղթանակով մը վերադարձաւ թենիսի աշխարհ, երբ Սթենֆորթի միջազգային մրցաշարքին գծով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2 ժամ 4 վայրկեան տեւած ճակատումէ մը ետք 6-1, 4-6 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Ճենիֆըր Պրէյտիի:
Բ. հանգրուանին 30 տարեկան Շարափովայի մրցակիցը պիտի ըլլայ ուքրանացի Լեսիա Եուրենքօ:
Յայտնենք, որ խթանիչ արգիլեալ դեղերու գործակցութեան պատճառով Շարափովա 15 ամիսով կախակայուած էր Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ:



