Ներկայութեամբ` գնդապետ Շարպել Մասուտի, որ կը ներկայացնէր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցում մը` սահմանէ սահման (225 քմ): Անիկա սկսաւ հիւսիսային Լիբանանի Արիտայի սահմանագլուխէն եւ աւարտեցաւ Նաքուրայի մօտ:
Հեծելարշաւի այս մրցումը տեղի կ՛ունենար յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով: Այս մրցումին կազմակերպման եւ յաջողութեան մէջ իրենց մեծ ներդրումը ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անդամները:
Հեծելանւորդները Նաքուրա հասան ժամը 19:00-ին, ուր տեղի ունեցաւ 75 մասնակցողներուն մրցանակաբաշխութիւնը: Բոլոր մասնակցողներն ալ ստացան յատուկ յուշանուէրներ` նկատի ունենալով, որ անոնք այս մրցումին մասնակցելով յարգեցին Բանակին տօնը:
Աւարտին լիբանանեան բանակի փոխադրակառքերը բոլոր մասնակցողները հասցուցին Պէյրութ եւ Թրիփոլի` յոյս յայտնելով 2018-ին դարձեալ տեսնուիլ անոնց հետ:



