Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան մասնակցող շուրջ 30 աթլեթներ ստամոքսային հարցեր ունենալու պատճառով ենթարկուեցան բժշկական յատուկ քննութիւններու:
«Տը Կարտիըն»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Իսաքու Մաքվալա (Պոցուանա) չէ մասնակցած 200 մեթր վազքի մրցումներուն, իսկ իրլանտացի Թոմաս Պար` 400 մեթր արգելարշաւի մրցումին, որովհետեւ անոնք ունեցած են ստամոքսային զօրաւոր ցաւեր:
Ախոյեանութեան մասնակցողներուն իջեւանած «Թաուըր» պանդոկը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնին հետ իր կատարած քննութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուած են, որ մարզիկներուն ունեցած առողջական այդ խնդիրներուն պատճառը պանդոկին մատուցած ճաշերը չեն: