Ուրալի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան նախորդ շաբաթավերջին իր առաջին կոլը նշանակեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Քրասնոտարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Մրցումին 15-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահը բացաւ մրցումին հաշիւը:
Յայտնենք, որ 4-րդ հանգրուանի այս մրցումին Ուրալի կազմէն դաշտ չներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մէկ այլ ֆութպոլիստ Էտկար Մանուչարեան: