Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին 25-27 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 40-րդ միջազգային ռելին, որ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 2017 տարեշրջանի 4-րդ հանգրուանի ռելին է:
Ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 672,75 քմ: Անոր 206,30 քմ-ը պիտի ըլլայ արագութեան դէմ հանգրուան:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 11 օգոստոսը: Երկուշաբթի, 14 օգոստոսին պիտի հրապարակուին մասնակցողներուն անունները:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացուին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին կողմէ` յառաջիկային տեղի ունենալիք յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ակզբունքով այս ռելին նախորդ տարիներուն նման տեղի պիտի ունենար 1-3 սեպտեմբերին: Սակայն նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակամիջոցին Ատհայի տօնը կը զուգադիպի, կազմակերպիչ յանձնախումբը փոխեց անոր կայացման թուականը: