Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստան – Դանիա 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի մրցումին տոմսերը սկսան վաճառուիլ:
4 սեպտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Արեւմտեան թրիպիւնին տոմսերուն գինն է 8000-10.000 դրամ, արեւելեանինը` 5000-7000, իսկ հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւնի տոմսերուն գինը` 4000:
Տոմսերը կարելի է գնել մարզադաշտին մօտ գտնուող տոմսերը վաճառող խանութէն:



