Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-64-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ Մոսկուա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաթուրնը, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց 1-32-րդ հանգրուանի իր տոմսը, ուր կը մրցի Պալթիքայի դէմ:
Յաղթական կազմը իր կոլը նշանակեց 83-րդ վայրկեանին:
Արարատի հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայացան Արտակ Ալեքսանեան եւ Արսէն Հայրապետեան, մինչ Արկադի Գալայճեան դաշտ ներկայացաւ մրցումին ամբողջ տեւողութեան: