Մարզական

Լուքա Մոտրիչ Բացակայ` Պարսելոնայի Դէմ Մրցումին

«Մարքա» հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ` Լուքա Մոտրիչ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի երթի մրցումին: 31 տարեկան ֆութպոլիստը կախակայուած է 2014-ին, Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումին իր ստացած կարմիր քարտին պատճառով: Այդ մրցումին Ռէալ Մատրիտի կազմը կը մրցէր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ: Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 օգոստոսին,...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Կազմերը Յստակացան

21-26 օգոստոսին Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան իր խումբին մէջ ընդգրկեց Վազգէն Խաչատրեանը (59 քկ), Կարէն Ասլանեանը (66 քկ), Վարշամ Բորանեանը (71 քկ), Կարապետ Չալեանը (75 քկ), Մաքսիմ Մանուկեանը (80 քկ), Արթուր Շահինեանը (85 քկ) եւ Արթուր Ալեքսանեանը (98 քկ): Հայաստան միայն գերծանր դասակարգին մէջ ներկայացուցիչ չունի: Ինչ...

Հայկական Ֆութպոլ. Արտեոմ Սիմոնեան Տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ

Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ, պայմանագրութիւն մը կնքեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արտեոմ Սիմոնեանի հետ, որ արդէն իսկ շուտով իր փորձերուն սկսաւ: 22 տարեկան միջնապահին ստորագրութիւնը կը պատկանի Ցիւրիխի: Սակայն ան նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր զուիցերիական այլ ակումբի մը` Լը Մոնի: Սիմոնեան, որ 2015-ին Ս. Փեթերսպուրկէն տեղափոխուեցաւ Ցիւրիխ, չկրցաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ տեղ մը ապահովել անոր հետ: Ցիւրիխ նախապէս իր...

Լիվըրփուլ Չ՛ուզեր Քութինիոն Ծախել Պարսելոնայի

«Սքայ Սփորթց» կը յայտնէ, որ անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը կը մերժէ Պարսելոնայի առաջարկը, որ կ՛ուզէ իրմէ գնել պրազիլցի միջնապահ Քութինիոն: Հակառակ անոր որ Պարսելոնա կ՛առաջարկէ 90 միլիոն եւրօ, որուն վրայ պիտի աւելցնէ 30 միլիոն եւրօ (Պոնիւս), սակայն Լիվըրփուլ կը նշէ, որ երբեք հետաքրքրուած չէ քաթալոնական ակումբին այս առաջարկով եւ կ՛ուզէ իր կազմին...

Ռուսական Ֆութպոլ. Համակիր Մը Մահացաւ «Քազան Արենա»-ի Մէջ

Ռուսական մամուլը յայտնեց, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Ռուպին - Լոքոմոթիւ մրցումին ընթացքին (1-1), «Քազան Արենա» մարզադաշտին մէջ համակիր մը մահացած է: Տարիքոտ անձ մը ինքզինք անհանգիստ զգալով դիմած է բժշկական օգնութեան: Սակայն ան շատ չանցած մահացած է` հաւանաբար սրտի տագնապ ունենալով:

Վենթուրա Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրա Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձեց մինչեւ 2020, յայտնեց Goal.com կայքը: 69 տարեկան Վենթուրա 2016-էն ի վեր խումբին մարզիչն է: Իտալիա այժմ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Ը. խմբակին մէջ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` Սպանիոյ ետին: Անոնք երկուքն ալ ունին 16-ական կէտ: Ան ցարդ իր կատարած տասը մրցումներուն արձանագրած է եօթը յաղթանակ: Թորինոյի...

Հայաստանի Ըմբշամարտի Ֆետերասիոնին Պաշտօնական Կայքը Սկսաւ Գործել

Հայրենի լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ սկսաւ գործել Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` www.wrestling-armenia.am-ը: «Կայքին մէջ կարելի է գտնել հայկական ըմբշամարտին վերաբերող բոլոր նոր նիւթերը` լուսանկարներ, յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ», յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Կայքը համալրումի ընթացքին մէջ է:

«Փրեմիեր-Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Լայսթըր Սիթի

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 2017-2018 տարեշրջանը կը սկսի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Արսենալ - Լայսթըր Սիթի բացման մրցումը: Անիկա պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Շաբաթ օր տեղի կ՛ունենան եօթը, իսկ կիրակի օր` երկու մրցումներ:

Ասիա-2017. Այսօր` Լիբանան – Նոր Զելանտա

Չինաստան Եւ Սուրիա Պարտուեցան Սուրիա - Յորդանան մրցումէն Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան երրորդ օրը, այսօր` հինգշաբթի, 10 օգոստոսին, նախորդող երկու օրերուն նման տեղի կ՛ունենան չորս ճակատումներ: Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին կը ճակատի Նոր Զելանտայի դէմ, որ իր կարգին յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը: Եթէ այսօր Լիբանան յաջողի արձանագրել իր երկրորդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-50

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Անուար մրցումը, Պիպլոսի դաշտին վրայ, Ժիպէյլ: Մրցումը աւարտեցաւ Անուարի յաղթանակով` 50-29 արդիւնքով (17-7, 29-11, 36-16 եւ 50-29): 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ 1875 խումբը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 13 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Պիպլոսի...

Նախագահ Զօր. Միշել Աուն Ընդունեց Ալեքս Տեմիրճեանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանահայ փորձառու վարորդ Ալեքս Տեմիրճեանը, որ վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ Պլանփենի մրցումներուն եւ Պելճիքայի «Սփա-Ֆրանքորշան»-ի վազքուղիին վրայ գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Տեմիրճեանը իր արձանագրած այս նուաճումին համար` անոր մաղթելով յաջողութիւն ինքնաշարժներու իր այս արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, որպէսզի ան միշտ շարունակէ իր յաջողութիւնները եւ այդ ձեւով բարձր պահէ...

Թեքուանտօ. Լեթիսիա Աուն Եւ Պաֆիլ Հատտատ Տիրացան Ոսկի Մետալի

Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած Թեքուանտոյի ակումբներու միջազգային ախոյեանութեան, շնորհիւ իր մարզիկներուն արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն, Լիբանան գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը: Ատկէ բացի, Լեթիսիա Աուն, որ տիրացաւ ոսկի մետալի, ընտրուեցաւ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը: Մոն լա Սալին մաս կազմող Լեթիսիա Աուն իր ոսկի մետալին տիրացաւ 55 քկ դասակարգին մէջ: Վերոնշեալ ակումբին մաս կազմող Պաֆիլ Հատտատ իր կարգին տիրացաւ ոսկի մետալի: Լիբանանի համար...

Հրացանաձգութիւն. Ասիոյ Ախոյեանութիւն Լիբանան Տիրացաւ Իր Երկրորդ Մետալին

Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցող Ասիոյ հրացանաձգութեան ախոյեանութեան, լիբանանցի մարզիկները կը շարունակեն արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ եօթներորդ անգամն ըլլալով: Աղջկանց մրցումներուն, Ռէյ Պասիլէն ետք Լիբանանի համար երկրորդ արծաթ մետալը ապահովողը եղաւ տղոց խումբը, որ 14 երկիրներու ազգային խումբերուն մէջ յաջողեցաւ գրաւել երկրորդ պատուաւոր դիրքը: Խումբին մաս կը կազմեն Ալեն Մուսա, Ռոժէ Սալիպի եւ Հիշամ Ժապըր:

16-26 Օգոստոսին. Թենիսի Մրցաշարք` «Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ»-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ»-ի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 16-26 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ թենիսի մրցաշարք մը` վերոնշեալ ակումբին թենիսի 3 դաշտերուն վրայ: Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ յաջորդաբար եօթներորդ տարին ըլլալով, նուիրուած` Պազիլ Մկրտիչի յիշատակին:

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սարայեւոյի Մէջ

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը երէկ գիշեր կատարեց 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր երրորդ մրցումը, երբ Սարայեւոյի մէջ հիւրը եղաւ Պոսնիոյ: Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 98-85 արդիւնքով (23-23, 25-25, 21-29 եւ 16-21): Հայաստան իր յաջորդ երկու մրցումները եւս պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` յաջորդաբար Սլովաքիոյ (12 օգոստոս)...

Կռփամարտ. Գուրգէն Յովհաննիսեան Յաղթական` Մինսքի Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող Գուրգէն Յովհաննիսեան Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք` Մինսքի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերելով, գերծանր դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին: Մարզիչ Սարգիս Նիկողոսեանի գլխաւորութեամբ հայրենի կազմը Մինսք մեկնեցաւ 5 կռփամարտիկով, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը` աւելցնելով, որ այս մրցաշարքը նուիրուած էր Վիքթոր Լիվենցեւի յիշատակին:  

Հայկական Ֆութպոլ. Ալեքսէյ Երիոմենքօ` Փիւնիկի Մարզիչ

Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ ռուս ֆութպոլի մասնագէտ Ալեքսէյ Երիոմենքօ: Անոր օգնականը պիտի ըլլայ Ումար Մարխիեւ: Նախքան Երիոմենքոյի ժամանումը, Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչն էր Արմէն Գիւլպուտաղեանց:

Դաւիթ Ղանդիլեան Կոլի Հեղինակ` Մոնկոլիոյ Մէջ

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Շիրակի եւ Արարատի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան, իր արհեստավարժ ասպարէզը որոշեց շարունակել Մոնկոլիոյ մէջ` մաս կազմելով Տերենի: Ղանդիլեան Խանկարիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց կոլ մը` արդիւնքը հաւասարեցնելով:

Ուսանողական Խաղեր. Հայաստան Հանդէս Պիտի Գայ Եօթը Մարզաձեւերու Մէջ

Հայաստանի ուսանող մարզիկները 19-30 օգոստոսին Թայփէի մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ամառնային համաշխարհային ուսանողական խաղերուն: Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի փոխնախագահ, գործադիր տնօրէն Ռազմիկ Ստեփանեան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտնեց, որ Հայաստան այս խաղերուն կը մասնակցի եօթը մարզաձեւերու մէջ. ծանրաբարձութիւն, թեքուանտօ, ժիւտօ, մարմնամարզութիւն, լողարշաւ ուու-շու եւ սուսերամարտ: Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ 23 անդամներէ (մարզիկ եւ մարզիչ): «Ուսանողական մարզական...

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցում Մը Յետաձգուեցաւ` Փոխադարձ Հրացանաձգութեան Պատճառով

Արժանթինի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք Ռասինկ - Աթլեթիքօ Միթրէ մրցումը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ մարզադաշտին մօտակայքը տեղի ունեցաւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն մը երկու համակիրներու միջեւ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Այս մրցումին կայացման թուական ճշդուած էր 10 օգոստոսը: Այս հրացանաձգութեան պատճառով անձ մը վիրաւորուեցաւ: Յայտնենք, որ վերջերս Պելկրանոյի համակիրներէն մէկը Թալիերեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Արժանթինի ախոյեանութիւն) ծեծկռտուքի պատճառով թրիպիւնէն վար իյնալով...

Page 940 of 1277 1 … 939 940 941 … 1,277

Արխիւներ