Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկի հետ:
Այս մասին յայտարարութիւն մը կատարեց Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլպատաղեանց` Բանանցի դէմ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումէն ետք:
28 տարեկան միջնապահը Գերմանիոյ մէջ կատարած է բժշկական քննութիւններ, որոնցմէ ետք անոր արտօնած են վերադառնալ ֆութպոլի դաշտերը:
Անոր վերջին ակումբը հանդիսացաւ Անժին, ուր ելոյթ ունեցաւ 2015-2016 տարեշրջանին: Վերջերս ան վնասուածքի պատճառով բացակայեցաւ Անժիի կազմէն:
Մկրտչեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ նոյնինքն Փիւնիկի հետ: