Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը երէկ գիշեր յաղթանակով մը սկսաւ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ իր հազարաւոր համակիրներուն ներկայութեան 72-66 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հարաւային Քորէան:
Մրցումը եղաւ ուշագրաւ` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիր եկաւ քաջալերելու Լիբանանի կազմը:
Ներկայութեամբ Նախագահ Զօր. Միշել Աունի` Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Յաղթանակ Արձանագրեց
Երէկ` երեքշաբթի, 8 օգոստոսին, ազդանշանը տրուեցաւ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան, որ պիտի երկարի մինչեւ 20 օգոստոս:
Յետմիջօրէին սկսած երեք մրցումներէն ետք, երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի ունեցաւ մրցաշարքին պաշտօնական բացումը, որուն ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որ իր ներկայութեամբ եկաւ զօրավիգ կանգնելու Լիբանանի տղոց ազգային խումբին, որ յաջողեցաւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել` 6 կէտի տարբերութեամբ` 72-66 արդիւնքով յաղթելով հարաւային Քորէայի:
Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան նաեւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան եւ ուրիշներ:
Առաջին քորթըրին Լիբանան 2 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ (20-18), իսկ մարզիկները հանդերձարան ուղղուեցան Լիբանանի ազգային խումբին գիտակցութեամբ` 40-31 արդիւնքով:
Թէեւ Լիբանան երրորդ քորթըրը աւարտեց ի նպաստ իրեն (54-41), սակայն չորրորդ քորթըրին սկիզբը հարաւային Քորէա նշանակեց 11 կէտ, որոնց դիմաց լիբանանցիք ոչ մէկ կէտ կրցան արձանագրել:
Սակայն հետզհետէ լիբանանցիք իրենք զիրենք գտնելով տարին վերջնական յաղթանակը` 72-66 արդիւնքով:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (22), ապա` Ֆետի Խաթիպ եւ Ալի Հայտար (16-ական):
Երէկուան առաջին մրցումին Նոր Զելանտա 70-49 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին: Ապա անոր յաջորդած մրցումը աւարտեցաւ Աւստրալիոյ յաղթանակով, որ 84-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճափոնը: Իսկ երէկուան երրորդ մրցումին, Թայփէ 77-62 արդիւնքով յաղթեց Հոնկ Քոնկի:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Չինաստան – Ֆիլիփեան կղզիներ (Բ. խմբակ) | 13:30 |
Իրան – Հնդկաստան (Ա. խմբակ) | 16:00 |
Իրաք – Քաթար (Բ. խմբակ) | 18:30 |
Յորդանան – Սուրիա (Ա. խմբակ) | 21:00 |