«Տը Թայմզ»-ի համաձայն, չին միլիառատէր մը կ՛ուզէ դառնալ Մանչեսթըր Եունայթըտի սեփականատէրերէն մէկը:
Վերոնշեալ օրաթերթը, որ չի նշեր միլիառատիրոջ անունը, կը նշէ, որ այդ չին ներդրողը կապ հաստատած է անգլիական ակումբին բաժնետէրերուն հետ եւ յայտնած, որ կ՛ուզէ ակումբին բաժնետոմսերուն մէկ մասը գնել:
Նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր բաժնետէր Կլէյզըրներ ընտանիքը պատրաստ է ծախելու բաժնետոմսերուն մէկ մասը:
Յայտնենք, որ նշեալ ամերիկացի ընտանիքին կը պատկանի ակումբին բաժնետոմսերուն 80 առ հարիւրը: