Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները, կարգ մը ակումբներ տուգանքի ենթարկեց:
Անսար մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի, Նըժմէ` հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի, Նասեր Պար Էլիաս` երկու միլիոն լիբանանեան ոսկիի, իսկ Ահլի Սայտա` հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան:
Այսքանը` Ա. դասակարգի պարագային:
Իսկ կրտսերներու ախոյեանութեան գծով, Հուփս ենթարկուեցաւ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանքի, իսկ Մութթահետ` մէկ միլիոն հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանքի:
Շապապ Սահելի մարզիկներէն Մոհամետ Ֆահըս 3 մրցումով կախակայուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ: