Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եուրօ-2017-ի ֆութպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Հոլանտա եւ Դանիա:
Հոլանտա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին:
Նախորդ 9 ախոյեանութիւններուն եօթնին տիտղոսակիր դարձած էր Գերմանիա:
Մրցումին ներկայ գտնուող 28 հազար համակիրներուն կարգին էին նաեւ Մարքօ Վան Պասթըն եւ Լուիս Վան Կաալ: