Աշխարհի Ախոյեանութիւն 2019. Հայաստան Յաղթեց Սլովաքիոյ
Պասքեթպոլի տղոց Հայաստանի հաւաքականը երրորդ յաղթանակը նուաճեց 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Հայաստանի հաւաքականը Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ մրցեցաւ սլովաքներուն հետ եւ 92-78 արդիւնքով (22-21, 11-25, 23-23, 22-23) յաղթեց` 7 կէտով գրաւելով Ա. խմբակի առաջին դիրքը: Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Պաւցեւիչ մրցումէն ետք լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք շատ լաւ խաղացինք պաշտպանութեան մէջ, տղաները շատ լաւ տրամադրած էինք խաղին եւ...








