Չինաստան Եւ Սուրիա
Պարտուեցան

Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան երրորդ օրը, այսօր` հինգշաբթի, 10 օգոստոսին, նախորդող երկու օրերուն նման տեղի կ՛ունենան չորս ճակատումներ:
Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին կը ճակատի Նոր Զելանտայի դէմ, որ իր կարգին յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը: Եթէ այսօր Լիբանան յաջողի արձանագրել իր երկրորդ յաղթանակը, պիտի ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Լիբանանցի համակիրներէն այսօր կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Երէկուան մրցումներուն, Ֆիլիփեան կղզիները ստեղծեցին մեծագոյն անակնկալը, երբ 96-87 արդիւնքով յաղթեցին Չինաստանի: Մրցումին տեւողութեան, Չինաստան նոյնիսկ առիթով մը ուշացաւ 17 կէտով (47-30):
Իրան ցարդ եղաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ 101-54 արդիւնքով յաղթեց Հնդկաստանի: Իր կարգին, Իրաք յաղթանակ մը արձանագրեց Քաթարի դէմ (75-66):
Վերջապէս, երէկուան մրցումին Սուրիա դժուարութեամբ` 2 կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց Յորդանանէն, 68-66 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
| ԺԱՄ | |
| Թայուան – Ճափոն (Դ. խմբակ) | 13:30 |
| Աւստրալիա – Հոնկ Քոնկ (Դ. խմբակ) | 16:00 |
| Հարաւային Քորէա – Ղազախստան (Գ. խմբակ) | 18:00 |
| Լիբանան – Նոր Զելանտա (Գ. խմբակ) | 21:00 |


