Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար մրցումը, Պիպլոսի դաշտին վրայ, Ժիպէյլ:
Մրցումը աւարտեցաւ Անուարի յաղթանակով` 50-29 արդիւնքով (17-7, 29-11, 36-16 եւ 50-29):
7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ 1875 խումբը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 13 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Պիպլոսի դաշտին վրայ: