Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանահայ փորձառու վարորդ Ալեքս Տեմիրճեանը, որ վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ Պլանփենի մրցումներուն եւ Պելճիքայի «Սփա-Ֆրանքորշան»-ի վազքուղիին վրայ գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Տեմիրճեանը իր արձանագրած այս նուաճումին համար` անոր մաղթելով յաջողութիւն ինքնաշարժներու իր այս արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, որպէսզի ան միշտ շարունակէ իր յաջողութիւնները եւ այդ ձեւով բարձր պահէ Լիբանանի անունը միջազգային գետնի վրայ:
Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` իր վրայ ունեցած վստահութեան համար, եւ երախտագիտութեամբ յայտնեց իր ջերմ զգացումները:
Հանդիպումի աւարտին Տեմիրճեան յատուկ գլխարկ մը նուիրեց հանրապետութեան նախագահին` իբրեւ յիշատակ:



