Ռուսական մամուլը յայտնեց, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Ռուպին – Լոքոմոթիւ մրցումին ընթացքին (1-1), «Քազան Արենա» մարզադաշտին մէջ համակիր մը մահացած է:
Տարիքոտ անձ մը ինքզինք անհանգիստ զգալով դիմած է բժշկական օգնութեան: Սակայն ան շատ չանցած մահացած է` հաւանաբար սրտի տագնապ ունենալով: