Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը երէկ գիշեր կատարեց 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր երրորդ մրցումը, երբ Սարայեւոյի մէջ հիւրը եղաւ Պոսնիոյ:
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 98-85 արդիւնքով (23-23, 25-25, 21-29 եւ 16-21):
Հայաստան իր յաջորդ երկու մրցումները եւս պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս` յաջորդաբար Սլովաքիոյ (12 օգոստոս) եւ Շուէտի դէմ (16 օգոստոս): Զտումի վերջին մրցումը` Պոսնիոյ դէմ (19 օգոստոս), տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան: