Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցող Ասիոյ հրացանաձգութեան ախոյեանութեան, լիբանանցի մարզիկները կը շարունակեն արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ եօթներորդ անգամն ըլլալով:
Աղջկանց մրցումներուն, Ռէյ Պասիլէն ետք Լիբանանի համար երկրորդ արծաթ մետալը ապահովողը եղաւ տղոց խումբը, որ 14 երկիրներու ազգային խումբերուն մէջ յաջողեցաւ գրաւել երկրորդ պատուաւոր դիրքը:
Խումբին մաս կը կազմեն Ալեն Մուսա, Ռոժէ Սալիպի եւ Հիշամ Ժապըր:



