Հայաստանի ուսանող մարզիկները 19-30 օգոստոսին Թայփէի մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ամառնային համաշխարհային ուսանողական խաղերուն:
Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի փոխնախագահ, գործադիր տնօրէն Ռազմիկ Ստեփանեան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտնեց, որ Հայաստան այս խաղերուն կը մասնակցի եօթը մարզաձեւերու մէջ. ծանրաբարձութիւն, թեքուանտօ, ժիւտօ, մարմնամարզութիւն, լողարշաւ ուու-շու եւ սուսերամարտ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ 23 անդամներէ (մարզիկ եւ մարզիչ):
«Ուսանողական մարզական այս իրադարձութիւնը զօրաւոր մրցաշարք մը կարելի է սեպել: Մասնակցող երկիրներու եւ մարզիկներու թիւին իմաստով, անիկա Իւնիվերսիատա Ողիմպիականի խաղերէն ետք կը նկատուի ամէնէն մեծ մարզական նախաձեռնութիւնը: Բոլոր երկիրներն ալ կը ներկայանան իրենց լաւագոյն մարզիկներով, անշուշտ եթէ վերջիններս ուսանող են: Անոր կը մասնակցին ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ միջցամաքամասային ախոյեանութիւններու ախոյեաններն ու մրցանակակիրները», ըսաւ Ստեփանեան: