Հայաստանը ներկայացնող Գուրգէն Յովհաննիսեան Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք` Մինսքի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերելով, գերծանր դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին:
Մարզիչ Սարգիս Նիկողոսեանի գլխաւորութեամբ հայրենի կազմը Մինսք մեկնեցաւ 5 կռփամարտիկով, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը` աւելցնելով, որ այս մրցաշարքը նուիրուած էր Վիքթոր Լիվենցեւի յիշատակին: