«Սքայ Սփորթց» կը յայտնէ, որ անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը կը մերժէ Պարսելոնայի առաջարկը, որ կ՛ուզէ իրմէ գնել պրազիլցի միջնապահ Քութինիոն:
Հակառակ անոր որ Պարսելոնա կ՛առաջարկէ 90 միլիոն եւրօ, որուն վրայ պիտի աւելցնէ 30 միլիոն եւրօ (Պոնիւս), սակայն Լիվըրփուլ կը նշէ, որ երբեք հետաքրքրուած չէ քաթալոնական ակումբին այս առաջարկով եւ կ՛ուզէ իր կազմին մէջ պահել պրազիլցին:
Պարսելոնա յոյս ունէր, որ այս փոխանցումը կատարուի առաւելագոյնը մինչեւ 12 օգոստոս, որպէսզի ան մասնակցի Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքի մրցումներուն (երթուդարձ):