Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ, պայմանագրութիւն մը կնքեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արտեոմ Սիմոնեանի հետ, որ արդէն իսկ շուտով իր փորձերուն սկսաւ:
22 տարեկան միջնապահին ստորագրութիւնը կը պատկանի Ցիւրիխի: Սակայն ան նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր զուիցերիական այլ ակումբի մը` Լը Մոնի:
Սիմոնեան, որ 2015-ին Ս. Փեթերսպուրկէն տեղափոխուեցաւ Ցիւրիխ, չկրցաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ տեղ մը ապահովել անոր հետ:
Ցիւրիխ նախապէս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ ան պիտի տեղափոխուի այլ ակումբ մը, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ: