Արժանթինի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք Ռասինկ – Աթլեթիքօ Միթրէ մրցումը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ մարզադաշտին մօտակայքը տեղի ունեցաւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն մը երկու համակիրներու միջեւ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Այս մրցումին կայացման թուական ճշդուած էր 10 օգոստոսը: Այս հրացանաձգութեան պատճառով անձ մը վիրաւորուեցաւ:
Յայտնենք, որ վերջերս Պելկրանոյի համակիրներէն մէկը Թալիերեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Արժանթինի ախոյեանութիւն) ծեծկռտուքի պատճառով թրիպիւնէն վար իյնալով մահացած էր: