Հայաստանի լողի պատանեկան հաւաքականը 23- 28 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան:
Հայաստանի Լողի ֆետերասիոնի նախագահ Մեսրոպ Յովսէփեան տեղեկացուց, որ Ինտիանափոլիս պիտի մեկնին մեր լաւագոյն պատանի լողորդները` Արթուր Բարսեղեան (50 եւ 100 մ ազատ ոճ, 50 մ թիթեռնիկ), Վարսենիկ Մանուչարեան (50 եւ 100 մ ազատ ոճ, 50 մ թիթեռնիկ) եւ Անի Պօղոսեան (50 եւ 100 մ ազատ ոճ, 50 մ թիկնալող):
«Յուլիսին, աշխարհի երէցներու ախոյեանութեան մէջ Անի Պօղոսեան 2018 թուականի պատանեկան ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան Բ. կարգի վարկանիշ նուաճեց: Նոյնպիսի յաջողութեան հասաւ Արթուր Բարսեղեան: Ան Բ. կարգի տոմսը նուաճեց Եւրոպայի պատանեկան ողիմպիական փառատօնին մէջ: Ընդ որում, Արթուրի արդիւնքը շատ մօտ է Ա. կարգի վարկանիշին: Կը Հաւատանք, որ մեր լողորդները կրնան յաջող մրցիլ նոյնպէս աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան մէջ», ըսաւ Յովսէփ Մեսրոպեան:
Լողի հայկական ֆետերասիոնին մէջ յոյս ունին, որ Հայաստան կրնայ 2020 թուականի Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլ:
«Մենք փոքր քայլերով, բայց նպատակասլաց կը շարժինք առաջ, եւ այս երեք պատանի լողորդներու ցուցանիշներուն կայուն աճը մեզի յոյս կը ներշնչէ, որ Թոքիոյի ողիմպիականի լողի մրցումներուն Հայաստան կրնայ ներկայացուցիչ ունենալ», ըսաւ Յովսէփ Մեսրոպեան: