Պայերն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նոյեր պիտի չմասնակցի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին Պայեր Լեւերքուզենի դէմ մրցումին:
Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց միւնիխեան ակումբի մարզիչ Գ. Անչելոթի:
«Նոյեր չի մասնակցիր Պայերի դէմ խաղին: Ոչ մէկ կարելիութիւն կայ: Ինչ կը վերաբերի Ռոբենին եւ Ալապային, անոնք կը գտնուին մարզական լաւ վիճակի մէջ: Անոնց վերաբերեալ վերջնական որոշումը կու տամ շուտով: Մեր երազն է կրկին նուաճել երկրի ախոյեանի տիտղոսը», ըսաւ ան:
Պայերն Միւնիխ-Պայեր Լեւերքուզեն մրցումը տեղի պիտի ունենայ այս գիշեր: