Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Հայաստանի պասքեթպոլի 16 տարեկան աղջիկներու հաւաքականը վերջերս նուաճեց առաջին դիրքը: Խումբի մարզիկներն ու մարզիչները նախանցեալ օր ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Շնորհաւորելով այս նուաճումը` նախարարը կարեւոր նկատեց աշակերտներու եւ երիտասարդներու շրջանակին մէջ մարմնակրթութեան զարգացումը` ընդգծելով, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ մարզանքը դարձած է նոյնպէս երկրի ճանաչման եւ հեղինակութեան բարձրացման կարեւոր գործօններէն մէկը:
Պատուոյ առաջին դիրքը նուաճելու առիթով, պասքեթպոլի 16 տարեկան աղջիկներու հաւաքականի մարզիչ Վահագն Յարութիւնեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատուոյ գիրով, խումբի օգնական մարզիչները` նախարարութեան շնորհակալագիրներով:
Յիշեցնենք, որ կիսաւարտականին Հայաստանի հաւաքականը յաղթած էր Ազրպէյճանին: