Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Whoscored. com-ի վարկածով ճանչցուեցաւ Լոնտոնի Ուեսթ Համի դէմ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի առաջին խաղի լաւագոյն ֆութպոլիստ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ստացաւ 9,1 կէտ:
«Օլտ Թրաֆորտ»-ի մէջ կիրակի տեղի ունեցած մրցումին դաշտին տէրերը 4-0 արդիւնքով յաղթեցին, իսկ Մխիթարեան խաղաց 88 վայրկեան եւ 2 կոլային փոխանցում կատարեց:
Մանչեսթըր Եունայթըտի թուիթըրեան էջին մէջ կատարուած հարցախոյզին իբրեւ արդիւնք լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ մանչեսթըրցիներու սերպ միջնապահ Նեմանիա Մաթիչ:
Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը Հենրիխ Մխիթարեանի խաղը գնահատած է 7 կէտով (10-ի վրայ), իսկ մրցումի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցած է երկու կոլ նշանակած Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր յառաջապահ պելճիքացի Ռոմելու Լուքաքու (8,5 կէտ):
 
			


