ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տղոց ճատրակի կազմը կիրակի, 6 օգոստոսին, Լիբանանի կայծակնային (պլից) ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը շահելէ ետք, կիրակի, 13 օգոստոսին շահեցաւ Լիբանանի արագ (ռափիտ) ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Ախոյեանութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի «Ռաշատ» ակումբին մէջ` 25 ակումբներու մասնակցութեամբ, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ:
Կ՛արժէ նշել, որ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քէշիշեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի անդամ եւ ճատրակի պատասխանատու Տիգրան Զէյթճեան մօտէն հետեւեցան ախոյեանութեան ընթացքին:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս կատարեց եօթը մրցում եւ արձանագրեց եօթը յաղթանակ:
Ախոյեանութեան բաժակը ՀԵԸ – Անդրանիկ Անթիլիասի գլխաւոր մարզիչ Ռոլան Ախրասին եւ մարզիկներուն յանձնեց Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզեթ Քըրայթեմ` ֆետերասիոնի այլ անդամներու ներկայութեան:
Ստորեւ մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Մաշարիհ` 6-0
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Էնիմէյշըն` 6-0
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներ` 5-1
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Թենմիյէ` 4-2
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Անսար` 4.5-3.5
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – ՀՄԸՄ` 4-2
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Սենեպիլ` 4-2