Սպանական ֆութպոլը կիրակի ուշ գիշերին բաւական աղմկոտ սկսաւ. Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կոլ նշանակեց եւ վտարուեցաւ, Պարսելոնայի դաշտին մէջ տեղի ունեցած եւ Ռէալ Մատրիտի 3-1 արդիւնքով յաղթած մրցումին, որ Սպանիոյ գերբաժակի երթի խաղն էր:
Ռէալ Մատրիտի մարզիկներն ու պատասխանատուները, նոյնիսկ Պարսելոնայի խաղացողները զարմացան ի տես Ռոնալտոյի վտարումին:
Երկրորդ կիսախաղի ընթացքին իբրեւ փոխարինող դաշտ ներկայանալով, Ռոնալտօ 80-րդ վայրկեանին նշանակեց բացառիկ կոլ մը եւ ուրախութենէն դատողութիւնը կորսնցնելով, հանեց մարզական շապիկը եւ բռնեց Պարսելոնայի համակիրներուն դիմաց: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Մեսսի ըրած էր Էլ Քլասիքոյին:
Անշուշտ իրաւարարը ազդարարեց (դեղին քարտ):
Երկրորդ դեղինը, ճիշդ է, փենալթի չէր, բայց դերասանական գետին նետուիլ ալ չէր, ուրեմն իրաւարարը ըրաւ շատ մեծ սխալ մը, որ աւելցաւ Պարսելոնայի շնորհուած անարդար փենալթիին վրայ, երբ Սուարեզ յստակօրէն դերասանութիւն ըրաւ:
Կարմիր քարտը տեսնելով Ռոնալտօ կրկին կորսնցուց իր դատողութիւնը եւ իրաւարարը հրեց:
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը Ռոնալտոն կախակայեց 5 մրցումով (չորսը` իրաւարարը հրելուն համար եւ մէկը` կարմիր քարտին): Այսպիսով, Ռոնալտօ պիտի չմասնակցի Սպանիոյ գերբաժակի Պարսելոնայի դէմ պատասխան մրցումին, նոյնպէս` Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Տեփորթիվոյի (20 օգոստոս), Վալենսիայի (27 օգոստոս), Լեւանտէի (9 սեպտեմբեր) եւ Ռէալ Սոսիետատի (17 սեպտեմբեր) հետ մրցումներուն:
Կիրակի գիշեր տանջանք էր Պարսելոնայի յետսապահ Փիքէի համար: Ան սխալմամբ գնդակը ղրկեց իր բերդին մէջ եւ միւս երկու կոլերուն մէջ ալ մատ… կամ աւելի ճիշդ` ոտք ունէր…:
Մրցումէն ետք Պարսելոնայի մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«Կը խորհիմ, որ արդիւնքը չ՛արտացոլեր իսկական տարբերութիւնը Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Անոնք երեք կոլ նշանակեցին, բայց մենք ալ լաւ խաղացինք եւ ունէինք մեր առիթները: Շատ տհաճ արդիւնք է, բայց մեզի կը սպասէ պատասխան մրցում, եւ մենք կը ձգտինք վերականգնել մեր հեղինակութիւնը, սակայն Ռէալ Մատրիտ ակներեւ թեկնածուն է գերբաժակին»:
Վալվերտէ նոյնպէս ըսաւ. «Պարսելոնա միշտ պէտք է ունենայ լաւագոյն կազմը: Մինչեւ 31 օգոստոս մենք տակաւին ժամանակ ունինք նորեկներ միացնելու մեզի: Բայց ես նոյնպէս կ՛ուզեմ գնահատել մեր ֆութպոլիստներուն խաղարկութեան մակարդակը»:
Փաոլինիօ Միացաւ Պարսելոնայի
Պրազիլի ազգային հաւաքականի եւ չինական Կուանչժու Էվերկրանտի միջնապահ Փաոլինիօ իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Սպանիոյ մէջ: Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը համաձայնութիւն գոյացուցած է չինական ակումբին հետ: Ֆութպոլիստին փոխանցումը արժած է 40 միլիոն եւրօ:
Փաոլինիօ 17 օգոստոսին պիտի ենթարկուի բժշկական քննութեան, որմէ ետք համաձայնագիրը կը ստորագրուի ակումբին հետ: Չինական ընթացիկ մրցաշրջանին Փաոլինիօ մասնակցած է 20 խաղի` նշանակելով 7 կոլ: