Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ Սպանիոյ Գերբաժակէն Ետք. Զիտան. «Այժմ Պարսելոնայի Հետ Դիմակայութիւնը Կը Շարունակուի «Լա Լիկա»-ի Մէջ»

August 18, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ գերբաժակը դարձի մրցումին Պարսելոնային յաղթելով (2-0) նուաճելէ ետք, Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զ. Զիտան իր խումբի բոլոր խաղացողները գովեց:

«Այս մրցումին մէջ բոլորն ալ լաւ կը խաղային, միայն Ասենսիոն առանձնացնել պէտք չէ: Մենք շատ լաւ սկսանք մրցաշրջանը եւ նուաճեցինք երկու գերբաժակներ: Այս մրցումին առաջին կիսախաղը շատ դիտարժան էր: Բ. կիսախաղին մրցակիցը խնդիրներ ստեղծեց, բայց մենք ուրախ ենք այս արդյիւնքով: Այժմ Պարսելոնայի հետ դիմակայութիւնը կը շարունակուի Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ: Մեզ կը  սպասէ ծանր մրցաշրջան», ըսաւ Զիտան:

Ան վստահեցուց, որ Եւրոպայի եւ Սպանիոյ գերբաժակները նուաճելէ ետք խումբը չի կորսնցներ զգօնութիւնը եւ նոյն լրջութեամբ կը խաղայ:

«Մենք միայն կը վայելենք այս յաղթանակն ու պահը: Մեր խաղացողները տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ են, որոնք ջանասիրաբար կ՛աշխատին: Դիւրին չէ երկու տիտղոս նուաճել Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Պարսելոնայի նման մրցակիցներու հետ պայքարին մէջ: Այս յաղթանակներուն հիմքին մէջ ծանր աշխատանք կայ եւ յաղթելու մեծ ցանկութիւն: Այս խումբը յաղթանակներու ծարաւ է: Ատոր վկայութիւնը անոնց ցուցադրած խաղն է», ըսաւ Զիտան:

Ֆութպոլի Մէջ Չկան Անպարտելիներ,
Ռէալը Նոյնպէս Կ՛ունենայ Պարտութիւններ

Պարսելոնայի մարզիչ Էռնեստօ Վալվերտէ պարտութենէն ետք վստահութիւն յայտնեց,  որ Ռէալ Մատրիտ եւս պարտութիւններ կ՛ունենայ:

«Մենք պարտուեցանք այս տիտղոսային խաղին մէջ: Պէտք է ընդունիլ, որ մրցակիցը առանձին հատուածներու մէջ աւելի ուժեղ էր: Մենք ունէինք դիմակայութեան ընթացքը բեկելու առիթ, բայց չօգտուեցանք ատկէ: Մրցակիցը գործուն փրեսինկի կը դիմէր եւ կը պատժէր մեզ` գնդակ խլելով: Մենք պէտք է արագ վերականգնենք մեր ֆիզիքական որակները` Սպանիոյի ախոյեանութեան մէջ վստահ խաղալու  համար: Գերբաժակը մրցաշրջանին պատրաստուելու վերջին փուլն է, բայց մենք կ՛ուզէինք  նուաճել այս տիտղոսը: Պէտք է վերականգնիլ եւ առաջ շարժիլ, այլ տարբերակ չկայ: Պէտք է արժանին մատուցել Ռէալին, բայց ամէն բան տակաւին նոր կը սկսի: Մենք ունինք երկար մրցաշրջան: Ֆութպոլի մէջ անպարտելիներ չկան, եւ կասկած չկայ, որ Ռէալ նոյնպէս կ՛ունենայ  պարտութիւններ», ըսաւ Վալվերտէ:

Լուիս Սուարես` Վիրաւոր

Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի աջ ծունկը վիրաւորուած  է Ռէալ Մատրիտի դէմ Սպանիոյ գերբաժակի դարձի մրցումին, կը հաղորդէ Պարսելոնայի պաշտօնական կայքը:

«Երէկ ֆութպոլիստը ենթարկուեցաւ բժշկական քննութեան, որուն արդիւնքով այսօր յայտնի դարձաւ, որ  ան  ապաքինման համար ամիս մը պիտի բացակայի դաշտերէն», նշուած է կայքին մէջ:

30-ամեայ ֆութպոլիստը Սպանիոյ ախոյեանութեան յառաջիկայ 4 մրցումներուն պիտի չմասնակցի: Ան նոյնպէս պիտի բացակայի Ուրուկուէյի հաւաքականի կազմէն` ֆութպոլի աշխարհի 2018-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու ծիրին մէջ Արժանթինի եւ Փարակուէյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:

Ռէալի Համակիրները` Փիքէին. «Ան Կը Մնայ»

Մրցումի ատեն Ռէալ Մատրիտի համակիրները յիշեցին  Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէի արձանագրածը: Սպանիոյ ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստը 24 յուլիսին «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ  հրապարակած էր պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ լուսանկարը եւ մակագրած. «Ան կը մնայ»: Օրեր առաջ պրազիլցին տեղափոխուած է ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն:

Ռէալի համակիրները Փիքէն դիմաւորեցին անդադար կրկնելով. «Ան կը մնայ»:

Պարսելոնայի Պարտութենէն Ետք Փարիզ Սեն Ժերմեն
Հրապարակած Է Ժպտացող Նէյմարի Նկարը

Սպանիոյ գերբաժակի համար Ռէալ Մատրիտ- Պարսելոնա դարձի մրցումէն ետք, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենը «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ հրապարակած է պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի լուսանկարը, ուր ան կը ժպտի:

25-ամեայ Նէյմար ֆրանսական ակումբ տեղափոխուեցաւ վերջերս: Փարիզ Սեն Ժերմեն անոր համար Պարսելոնային վճարած է 222 միլիոն եւրօ:

Նախորդը

Մանուել Նոյեր Բացակայ` Պայեր Լեւերքուզենի Դէմ

Յաջորդը

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Եւ Մարզիչի Թեկնածուները

RelatedPosts

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…
Մարզական

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…

November 4, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

November 4, 2026
17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները
Մարզական

17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.