Թենիսի ասպարէզին մէջ աշխարհի ամէնէն փայլուն աստղերէն մէկը նկատուող Սերենա Ուիլիըմզ, որ կը պատրաստուի մօտ օրէն մայրանալ եւ լոյս աշխարհ բերել իր եւ «Ռետտիթ»-ի հիմնադիր-ղեկավար հայազգի գործարար Ալեքսիս Օհանեանի առաջին զաւակը, խոստովանած է, որ մերժած է մէկ յարկի տակ ապրիլ իր սիրելիին հետ, քանի տակաւին իրենք պաշտօնապէս ամուսնացած չեն: Այս մասին 35-ամեայ աստղը ըսած է «Վոկ» ամսաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Սերենա պատմած է, որ այժմ իրեն համար տուն կը կառուցէ Ֆլորիտայի մէջ, բայց ամուսնութենէն ետք անպայման կը տեղափոխուի Սան Ֆրանսիսքօ` սիրելի Ալեքսիս Օհանեանին մօտ:
Հետաքրքրական է, որ զոյգը տակաւին չի գիտեր ապագայ երեխային սեռը: Այսուհանդերձ, Սերենա վստահ է, որ աղջիկ պիտի ըլլայ, իսկ Օհանեան հակառակ կարծիքին է:
Ուրեմն հարցազրոյցին մէջ Սերենա շեշտած է, որ միայն ամուսնանալէն ետք է, որ կ՛ուզէ Օհանեանի հետ նոյն տան մէջ բնակիլ:
Չհասկցանք:
Օրիորդը, որ տիկին է, պատշաճ չի նկատեր պաշտօնապէս չամուսնացած բնակիլ անձի մը հետ, սակայն պատշա՞ճ կը նկատէ անկէ յղի մնացած ըլլալը:
Ահա կու գայ մեր հարսնցուն…
Մեր Դրացին…
Ազրպէյճանի քարաթէի ֆետերասիոնը բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուած է, երբ կորսնցուցած է գլխաւոր հովանաւորի` Ազրպէյճանի միջազգային դրամատան աջակցութիւնը:
Ֆետերասիոնին մարզիկները 12 ամիսէ ի վեր աշխատավարձ չեն ստանար: Բացի ատկէ, անոնց արգիլած են մարզուիլ «Ինթըր Արենա» մարզադաշտին մէջ, քանի որ տարածքի վարձակալութեան համար նոյնպէս չի վճարուիր:
Բազմաթիւ մարզիկներ կը զրկուին միջազգային մրցումներու մասնակցելու կարելիութենէն:
Ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ խումբի մարզիչ Ռահման Խաթամով նոյնպէս լքած է իր պաշտօնը, իսկ մարզիկները ծանր վիճակի մէջ յայտնուած են:
Հիմա տեղին է իրենց ասոյթը յիշեցնել.«Անօթի կապիկը չի խաղար»:



