«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրի դաշտը լեցուցած աւելի քան 6 հազար համակիրներ կարեւոր մասնակցութիւն ունեցան Ղազախստանի դէմ Լիբանանի նուաճած 96-74 (33- 23, 23- 10, 23- 21, 20- 17) արդիւնքով յաղթանակին, որուն շնորհիւ Լիբանան հասաւ քառորդ աւարտականին, ուր պիտի մրցի Թայփէի դէմ: Ղազախստանի դէմ մրցումին Ֆատի Խաթիպ, որ նշանակեց 18 կէտ, կրկին հաստատեց, որ կը հանդիսանայ Ասիոյ որակաւոր մարզիկներէն:



