ԹՈՐԳՈՄ
Կրկնուող երեւոյթի վերածուած են այլեւս մարզական աշխարհին մէջ իրաւարարներու ճակատագրական սխալները (եթէ անշուշտ այնքան միամիտ ըլլանք եւ կարծենք, թէ միայն սխալներ են…):
Առանց տարածուելու աշխարհին մէջ, լուսարձակները կեդրոնացնենք Լիբանանի ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ այլ մարզաձեւերու ախոյեանական կամ բաժակի մրցումներու ընթացքին յաճախ պատահող խայտառակութիւններուն վրայ (օգտագործելու համար ամէնէն բարեկիրթ եւ մեղմ բառը):
Բոլոր խումբերուն համար ալ կրնայ նոյնը ըլլալ, բայց խօսինք ՀՄԸՄ-ի պարագային, որովհետեւ բազմաթիւ ճակատներու վրայ կը ճակատի…:
Քանի՜, քանի՜ առիթներով մեր սիրտերէն արիւն հոսած է, ի տես երկար եւ կամաւոր աշխատանքէ, նոյնպէս սահմանափակ դրամական միջոցներէ գումարներու յատկացումէն ետք, իրաւարարներու կամ անիրաւներու սխալներու պատճառով երազներու չքացումին:
Անշուշտ չի մոռցուիր ֆութպոլի այն տխրահռչակ «իրաւարարը», որ ՀՄԸՄ-ի մէկ մրցումի աւարտին յաւելեալ երկու վայրկեան ազդարարեց եւ… աւելի քան 10 վայրկեան քաշքշեց հա՜ քաշքշեց, մինչեւ մրցակիցը կոլ նշանակէ եւ յաղթէ: Հաւանաբար ձեռքէն եթէ գար ինք պիտի նշանակէր յաղթանակի կոլը…
Ճակատագրական սխալներ, ճակատագրական խայտառակութիւններ, որոնք լուրջ վնասներ պատճառած են գրեթէ բոլոր խումբերուն, մանաւանդ սահմանափակ միջոցներով, արիւն քրտինքով պայքարի դաշտ նետուած խումբերուն:
Վերջին օրինակը կիրակի կէսօրին էր: Այո՛, մրցումի ժամ որոշուած է կիրակի կէսօրին, Ժիպէյլի մէջ: Բնական կը թուի՞ ձեզի: Եթէ կիրակի կէսօրին Ժիպէյլի մէջ պիտի խաղան, ե՞րբ պէտք է հասնին, որպէսզի պատրաստ ըլլան խաղին` նկատի ունենալով կիրակիներու խճողումը: Իսկ վերադարձը. բացառիկ երեւակայութիւն մը չ՛ուզեր պատկերացնելու համար: Այսինքն` մէկ խօսքով մրցումը չսկսած արդէն դժուարութիւնները ցցուած են կազմակերպական առումով:
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վերջին մրցակիցը այդ օր 1875 խումբն էր: Յաղթանակի պարագային ՀՄԸՄ կ՛անցնէր ֆայնըլ ֆոր, որուն համար ամէն ոք ջանք չէր խնայած:
Մրցումին առաջին 3 քորթըրները ընթացան ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, որ խաղը պարտուեցաւ 46-43 արդիւնքով…:
Պիտի ըսէք մարզական խաղերու, մանաւանդ պասքեթպոլի մէջ բնական երեւոյթ է: Այո՛, այդքանը գիտենք, կը ներէք:
Բայց վերջին երկվայրկեաններուն խումբի մը դէմ երկու ֆաուլ տալ, եւ մարզիչին` թեքնիքըլ… կը ներէ՞ք:
Այս բոլորէն ետք, յուսահատ, բայց չյուսալքուած ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները վստահաբար իրենց մէջ պիտի գտնեն ներուժը, պիտի միախմբեն մարզիկները եւ անցնին նոր արշաւի:
Բան մը, որ անհասկնալի եւ անծանօթ է անիրաւներուն:



