Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտի բողոքը մասամբ բաւարարուած է եւ Ռոնալտոյի պատիժը մէկ մրցումով կրճատուած է:
Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան մեկնաբանած էր Ռոնալտոյի հինգ մրցումով պատիժը:
«Բոլորս ալ տխրած ենք, որ հինգ մրցում պիտի չտեսնենք Ռոնալտոն դաշտին վրայ: Չեմ ուզեր բանավէճի մտնել իրաւարարութեան գործողութիւններուն վերաբերեալ, բայց երբ կը տեսնես, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ հինգ խաղով կախակայումը, կը հասկնաս, որ բան մը կը կատարուի այստեղ », ըսած էր Զիտան:
Սպանիոյ գերբաժակի առաջին մրցումին Ռոնալտօ երկրորդ դեղին քարտէն ետք հրեց իրաւարարը:



