Մարզական

Ռասինկ Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ներկայութեամբ Ռասինկ ֆութպոլի ակումբի պատուոյ նախագահ նախարար Միշել Ֆարաոնի, Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Ռասինկ, այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Էշրեֆիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ (Սէյտէ եկեղեցիին դիմաց) կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռասինկ մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնայ 2017-2018 տարեշրջանին ազդանշանը տրուելէն ի վեր իր դէմ իրաւարարներուն կատարած դիտումնաւոր սխալներուն եւ անոնց անարդար վճիռներուն:

Պետմինթըն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Երէկ Ինտոնեզիայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի Պետմինթընի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք 19 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան: Նշենք, որ Լիբանան Ա. հանգրուանէն իսկ դուրս մնաց մրցաշարքէն, հակառակ անոր որ լաւ արդիւնքներ փորձեց ձեռք ձգել:

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Երիտասարդական Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սէուտական Արաբիայէն

Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Սէուտական Արաբիա իր կոլերը նշանակեց 30-րդ եւ 33-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն, մինչ Լիբանանի կոլը նշանակեց Հիւսէյն Ֆահըս (40-րդ): Իր մարզիկներուն ունեցած կարողութիւնը իմանալու համար, Լիբանանի մարզիչ Ժալալ Ռըտուան Բ. կիսախաղին կատարեց 8 փոփոխութիւն:  

Պասքեթպոլ. Սթեֆըն Քերի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քերի 50 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումին ոչ մարզավայել կեցուածք ունեցաւ: Քերի բարեբախտաբար փրկուեցաւ կախակայուելէ` նկատի ունենալով, որ ան իր ակռաները պաշտպանող կերպընկալէ փոքր առարկան նետած էր իրաւարարին ուղղութեամբ: Ան այդ մրցումին նշանակեց 37 կէտ,...

Փորթօ Մտադիր Է Ծախել Քասիասը

Փորթուգալեան մամուլին համաձայն, Փորթօ մտադիր է մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ժամանակամիջոցին (դեկտեմբեր-յունուար) ծախել իր սպանացի բերդապահը` Իքեր Քասիասը: Նշուեցաւ, որ Փորթօ ստիպուած կը դիմէ այդ քայլին` «նիւթական արդար մրցակցութեան» օրէնքները չխախտելու համար: Անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 5 միլիոն եւրօ եւ զգալիօրէն կը գերազանցէ ակումբին միւս խաղացողներուն միջին աշխատավարձը: Այժմ Քասիաս ակումբներու կարգապահական օրէնքները խախտելուն պատճառով հեռացուած է հիմնական կազմէն: Քասիաս,...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզի Երրորդ Յաղթանակը, Պուլզի Եւ Նիքսի Երրորդ Պարտութիւնը

Լեպրոն Ճէյմս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ շարունակեց մնալ անպարտելի, երբ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 102-84 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Եութա Ճեզը: Շիքակօ Պուլզ եւ Նիւ Եորք Նիքս, որոնք ցարդ յաղթանակէ զուրկ են, կրեցին իրենց երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` յաջորդաբար Քլիվլենտ Քաւալիրզէն (119-112) եւ Պոսթըն Սելթիքսէն (110-89): Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ...

Տեփորթիւօ Քորունա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Պաշտօնական յայտարարութեան մը ընդմէջէն Տեփորթիւօ Քորունա տեղեկացուց, որ պաշտօնանկ ըրած է իր ֆութպոլի խումբի մարզիչ Փեփէ Մելը: «Լը լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ խումբը 8 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը: Ան իր պաշտօնը ստանձնեց փետրուար 2017-ին եւ յաջողեցաւ իր կազմը փրկել Բ. դասակարգ փոխադրուելէ: Սակայն այժմ ակումբը, դժգոհ մնալով իր 54 տարեկան մարզիչէն, որոշած է պաշտօնէն հեռացնել զայն: Մինչեւ...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Մարոք. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Մրցաշարքը

Մարոքի մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ ՀՄԸՄ-ի կազմը տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 93-78 արդիւնքով (կիսախաղ` 41-35) յաղթանակ մը արձանագրեց մարոքեան Թագաւորական բանակին դէմ: Սամուէլ Եանկ, որ դաշտ ներկայացաւ, դարձաւ տապըլ-տապըլի հեղինակ` նշանակելով 37 կէտ, 14 ռիպաունտ: Տապըլ-տապըլ իրագործեց նաեւ Մաքրամ Պըն Ռամատան (17 կէտ, 10 ռիպաունտ)` 32 վայրկեանի ընթացքին: Ուոլթըր...

Հեծելարշաւ.  Յովսէփ Գանլըճեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին Ապահովեց Առաջնութիւն

Հեծելարշաւ. Յովսէփ Գանլըճեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին Ապահովեց Առաջնութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 2017-ի Լիբանանի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 36 հեծելանւորդներու, որոնք մասնակցեցան երեք տարբեր դասակարգերու մրցումներու (երիտասարդներ, մեծեր եւ մասթըրզ): Անոնք կը ներկայացնէին եօթը տարբեր միութիւններ, ինչպէս նաեւ կային անհատ մասնակցողներ: Անոնցմէ 27 հեծելանւորդներ միայն ամբողջացուցին այս մրցումը, մինչ 9-ն քաշուեցան: Յովսէփ Գանլըճեան կեդրոնը Երիտասարդներու մրցումին (17-18 տարեկան), Յովսէփ Գանլըճեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին ապահովեց...

Լողարշաւ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սեւակ Տեմիրճեան` Բացարձակ Ախոյեան

Սեւակ Տեմիրճեան (կեդրոնը) Կազմակերպութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը (5 քմ): Այս ախոյեանութիւնը, որ սկիզբ առաւ Աքուամարինա ակումբէն, աւարտեցաւ նոյն վայրին մէջ, երբ տեղի ունեցան երթուդարձի մրցումները, տարբեր դասակարգերուն մէջ: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ 9 ակումբները, որոնք անդամ են ֆետերասիոնին. Մոն լա Սալ, Աշմուն, Աքուամարինա, Սաթելիթի, Մըթայլեպ, Նաժահ, Ժեզիրա, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ախոյեան Ռիատիի Երկրորդ Դժուար Յաղթանակը

Պէյրութ Կրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու մրցումներ: Պէյրութ - Սաժես երէկուան մրցումէնPROFOTO Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը, կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 78-76 արդիւնքով (21-17, 12-17, 22-25 եւ 21-19): Մրցումին լաւագոյն սքորըրը հանդիսացաւ Պէյրութէն Քրիս Քրոֆորտ, որ նշանակեց 30 կէտ, մինչ անոր խմբակից Պասել...

Լիբանանահայ Աշակերտներուն Արձանագրած Փայլուն Արդիւնքները` Կաժսմայի Միջազգային Մրցաշարքին

Լիբանանահայ Աշակերտներուն Արձանագրած Փայլուն Արդիւնքները` Կաժսմայի Միջազգային Մրցաշարքին

Նախորդ շաբաթ, Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի մէջ տեղի ունեցաւ կաժսմայի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 70-է աւելի երկիրներէ 450 երկսեռ աշակերտներ: Յայտնենք, որ կաժսման ճափոնական թուաբանական հաշուարկ է, որ կը կատարուի մատներով: Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ 43 երկսեռ աշակերտներով: Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Այնճարի «Սեմաս»-էն հետեւեալ 12 աշակերտները. Ռալֆ Աշգարեան, Քրիսթել Գազանճեան, Արթիւր Հեքիմեան, Վագօ Գէօհիւլեան, Սելին Աբրումեան, Սպիտակ Տեմիրճեան,...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Վիճակագրութիւններու Ընկերութիւն Հանդիպում

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի մրցումներուն վիճակագրութիւնը կատարող ընդհանուր պատասխանատու Տոմինիք Խալիֆէի հետ: Այս հանդիպում-ժողովին ընթացքին երկու կողմերը խօսեցան այս մարզին վերաբերող շարք մը կարեւոր հարցերու մասին եւ փորձեցին անհրաժեշտ միջոցներուն դիմել, որպէսզի ֆետերասիոնին պատկանող ֆէյսպուքեան էջը յաւելեալ յառաջխաղացք արձանագրէ տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Երկու կողմերը մօտիկ ապագային դարձեալ իրարու հանդիպելու...

«Էն. Պի. Էյ.». Մավըրիքս Եւ Սանզ Կրեցին Իրենց Չորրորդ Պարտութիւնը

Պեն Սայմընզ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Տալաս Մավըրիքս եւ Ֆէոնիքս Սանզ կրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը եւ ցարդ չեն կրցած յաղթանակ արձանագրել այս տարեշրջանին: Տալասի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն (133-103) 75 կէտ նշանակեցին Սթեֆըն Քերի (29), Քեւին Տիւրընթ (25) եւ Քլէյ Թոմսըն (21): Տիթրոյիթի մէջ, Փիսթընզ 97-86 արդիւնքով...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Նուազեցուց Հաւաքականի Մրցումին Տոմսերուն Գիները

9 նոյեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ դէմ: Այս մրցումէն 4 օր ետք, Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը Երեւանի մէջ պիտի կատարէ այլ մրցում մըն ալ, այս անգամ` Կիպրոսի դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մուտքերուն մօտ գտնուող տոմսարկղերուն մէջ արդէն իսկ...

Պասքեթպոլ. Ուրարտու Եւ Արցախ Յաղթանակով Սկսան Հայաստանի Ախոյեանութիւնը

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան, Ուրարտու Երեւան յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 88-68 արդիւնքով յաղթեց ՖԻՄԱ-ին: Շիրակ իր դաշտին վրայ 69-53 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինժենետին, մինչ Արցախ աւելի զօրաւոր գտնուեցաւ Արթիկէն (88-76): Երկրորդ հանգրուանին, Արթիկ կը մրցի Կրանտ Սփորի դէմ (27 հոկտեմբեր), իսկ ՖԻՄԱ - Շիրակ եւ Արցախ - Ինժեներ մրցումները տեղի կ՛ունենան 29 հոկտեմբերին: Արցախ իր մրցումները (երթի)...

Էվըրթըն Պաշտօնազրկեց Իր Մարզիչը` Քէօմանը

«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Էվըրթընի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել հոլանտացի իր մարզիչը` Ռոնալտ Քէօմանը, բնականաբար խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես: Այս տարեշրջանին Էվըրթըն իր 54 տարեկան մարզիչին հետ չկրցաւ տպաւորիչ խաղարկութիւն ունենալ: 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ խումբը կը գրաւէ 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Անոր կը սպառնայ մեծ վտանգ` բարձրագոյն դասակարգէն Ա. դասակարգ...

Արաբական Պասքեթպոլ Տղոց Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թագաւորական Բանակ

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ներկայիս կը գտնուի Մարոք, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան, որուն բացումը, ինչպէս նաեւ երեք մրցումներ, տեղի ունեցան երէկ: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր պիտի կատարէ այս 30-րդ ախոյեանութեան իր առաջին մրցումը, երբ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին մրցի թագաւորական բանակի խումբին դէմ (Մարոք): ՀՄԸՄ-ի խումբէն այսօր...

Լիոնել Մեսսիի Նմանակը` Արտաշէս Կարապետեան «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Լիոնել Մեսսիի Նմանակը` Արտաշէս Կարապետեան «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Վերջին քանի մը ամիսներուն, լիբանանահայ Արտաշէս Կարապետեան, (38 տարեկան) գրաւեց լիբանանեան թէ միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներու եւ մարզական կայքերու ուշադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան կը նկատուի արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Լիոնել Մեսսիի նմանակը: Այս առիթով «Ազդակ» եւս անոր հետ ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը` աւելի մօտէն ծանօթանալու համար «լիբանանահայ Լիոնել Մեսսի»-ին: Ստորեւ` այդ հարցազրոյցէն կարգ մը շահեկան բաժիններ. «ԱԶԴԱԿ».-...

ՖԻՖԱ.  Ռոնալտօ` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

ՖԻՖԱ. Ռոնալտօ` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ գիշեր արժանացաւ ՖԻՖԱ-ի 2017 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Այս տիտղոսին համար կը պայքարէին նաեւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ Պարսելոնայէն Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուած պրազիլցի Նէյմար: Ճիանլուիճի Պիւֆոն ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի լաւագոյն բերդապահը: Իսկ լաւագոյն մարզիչի տիտղոսը շահողը եղաւ Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան:

Page 914 of 1278 1 … 913 914 915 … 1,278

Արխիւներ