Մարոքի մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ ՀՄԸՄ-ի կազմը տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 93-78 արդիւնքով (կիսախաղ` 41-35) յաղթանակ մը արձանագրեց մարոքեան Թագաւորական բանակին դէմ:
Սամուէլ Եանկ, որ դաշտ ներկայացաւ, դարձաւ տապըլ-տապըլի հեղինակ` նշանակելով 37 կէտ, 14 ռիպաունտ: Տապըլ-տապըլ իրագործեց նաեւ Մաքրամ Պըն Ռամատան (17 կէտ, 10 ռիպաունտ)` 32 վայրկեանի ընթացքին:
Ուոլթըր Հոճ, որ դաշտ ներկայացաւ 26 վայրկեան, նշանակեց 15 կէտ, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ:
Էլի Շամուն նշանակեց 9 կէտ, Հայկ Կէօքճեան` 6, Իսմայիլ Ահմետ` 4:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 44 ռիպաունտ, կատարեց 18 էսիսթ, 8 սթիլ, 4 պլոք-շաթ:
Խումբը 22 թրի փոյնթերէն 6-ը յաջողեցաւ հասցնել իրենց նպատակին:


