Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Տղոց Ախոյեանութեան 3-րդ Հանգրուանը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Երկու այլ մրցումներ տեղի կ՛ունենան ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, մինչ այս հանգրուանէն ՀՄԸՄ-Լուէյզի մրցումը, որ յետաձգուեցաւ, տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 7 նոյեմբերին: Ստորեւ կու տանք Գ. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Թատամոն - Ռիատի 20:30 Նուհատ Նաուֆալ Պէյրութ - Սաժես 20:30 Շիահ...



