Պաշտօնական յայտարարութեան մը ընդմէջէն Տեփորթիւօ Քորունա տեղեկացուց, որ պաշտօնանկ ըրած է իր ֆութպոլի խումբի մարզիչ Փեփէ Մելը:
«Լը լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ խումբը 8 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը:
Ան իր պաշտօնը ստանձնեց փետրուար 2017-ին եւ յաջողեցաւ իր կազմը փրկել Բ. դասակարգ փոխադրուելէ:
Սակայն այժմ ակումբը, դժգոհ մնալով իր 54 տարեկան մարզիչէն, որոշած է պաշտօնէն հեռացնել զայն:
Մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, ակումբի երիտասարդներու խումբին մարզիչը` Քրիսթոպալ Փարալօ պիտի մարզէ խումբը:


