Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ներկայիս կը գտնուի Մարոք, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան, որուն բացումը, ինչպէս նաեւ երեք մրցումներ, տեղի ունեցան երէկ:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր պիտի կատարէ այս 30-րդ ախոյեանութեան իր առաջին մրցումը, երբ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին մրցի թագաւորական բանակի խումբին դէմ (Մարոք):
ՀՄԸՄ-ի խումբէն այսօր եւ յաջորդող օրերուն կ՛ակնկալուի տպաւորիչ յաղթանակներու շարք մը: