«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Էվըրթընի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել հոլանտացի իր մարզիչը` Ռոնալտ Քէօմանը, բնականաբար խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ի տես:
Այս տարեշրջանին Էվըրթըն իր 54 տարեկան մարզիչին հետ չկրցաւ տպաւորիչ խաղարկութիւն ունենալ: 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ խումբը կը գրաւէ 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Անոր կը սպառնայ մեծ վտանգ` բարձրագոյն դասակարգէն Ա. դասակարգ փոխադրուելու գծով:
Նախորդ տարեշրջանին Էվըրթըն գրաւած էր դասաւորման 7-րդ դիրքը:


