Փորթուգալեան մամուլին համաձայն, Փորթօ մտադիր է մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ժամանակամիջոցին (դեկտեմբեր-յունուար) ծախել իր սպանացի բերդապահը` Իքեր Քասիասը:
Նշուեցաւ, որ Փորթօ ստիպուած կը դիմէ այդ քայլին` «նիւթական արդար մրցակցութեան» օրէնքները չխախտելու համար: Անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 5 միլիոն եւրօ եւ զգալիօրէն կը գերազանցէ ակումբին միւս խաղացողներուն միջին աշխատավարձը:
Այժմ Քասիաս ակումբներու կարգապահական օրէնքները խախտելուն պատճառով հեռացուած է հիմնական կազմէն:
Քասիաս, որ 2015-ին Ռէալ Մատրիտէն միացաւ Փորթոյի, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարած եօթը մրցումներէն վեցին իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ:


